2010-01-13 14:18:07

Էջ մը հայ գրականութենէն` Նիկողայոս Ադոնց (ՏէրԱւետիքեան,1871-1942) Հայ Մտքի պատմաբան, բանասէր եւ լեզուագէտ հսկան


Էջ մը հայ գրականութենէն` Նիկողայոս Ադոնց (ՏէրԱւետիքեան,1871-1942) Հայ Մտքի պատմաբան, բանասէր եւ լեզուագէտ հսկան



2010 Յունուարի 10ին, 139 տարի առաջ, հայրենի Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց Հայ Մտքի առասպելատիպ հսկայ մը, որ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իր Նիկողայոս Ադոնց անունով ու պատմաբանասիրական անմահ գործով։

Գէորգ ՏէրԱւետիքեանի յարկին տակ ծնած Նիկողայոսը սերած էր դիւցազնական Դաւիթ Բէկի աջակից եւ հերոսատիպ ՏէրԱւետիքի տոհմէն։ Ազգային

Ադոնց գրչանունը ընտրած Մեծ Հայուն մէջ, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը թէեւ անցուց հայրենի ոստանէն հեռու՝ Ռուսաստան եւ Եւրոպա, բայց անպայման շնչաւորեց հայրենիի ու մայրենիի ճանաչողութեան խորագոյն պաշտամունքով։

Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ յաջորդաբար ծննդավայրի՝ Տաթեւի ծխական դպրոցին, Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական Գիմնազիայի մէջ։ Փայլուն ուսանող՝ 1885ին ընդունուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը ու անոր արեւելեան լեզուներու եւ պատմաբանա-սիրական բաժանմունքները պատուոյ յիշատակութեամբ ու ոսկեայ պարգեւանշանով աւարտեց 1889ին։ Ուսումնասիրեց եւ տիրապետեց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, լատիներէնի եւ հին յունարէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի, անգլերէնի եւ վրացերէնի։

1889էն 1891, մասնագիտական իր պատրաստութիւնը խորացնելու նպատակով՝ Ադոնց գիտական աշխատանքով անցաւ Եւրոպա՝ Միւնիխ, Փարիզ, Լոնտոն եւ Վենետիկ։ Պատմագիտական, բանասիրական եւ լեզուագիտական իր ընդհանուր պատրաստութեան կողքին, Ադոնց խորացաւ բիւզանդագիտութեան մէջ։ 1893ին վերադարձաւ Կովկաս եւ որոշ ժամանակ Թիֆլիսի մէջ վրացական սկզբնաղբիւրներու վրայ աշխատելէ ետք, հաստատուեցաւ Էջմիածին եւ փարեցաւ Մատենադարանի ձեռագիրներու աշխարհին։

Տարիներու իր այդ աշխատանքին եւ հետազօտութեանց արգասիքը եղաւ 1898ին աւարտած Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում կոթողական գործը (ռուսերէն), որ հանդիսացաւ վաղմիջնադարու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած պատմագիտական գլուխգործոց երկ մը։ Գիտական այդ մեծարժէք աշխատասիրութեան վրայ, 1908ին, Ադոնց պաշտպանեց Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի իր մագիստրոսական աւարտաճառը եւ արժանացաւ պրիվատդոցենտ` ''գլխաւոր ուսուցիչ'' տիտղոսին։ Եղաւ Էջմիածին, Մուշ եւ Կարին։ Մասնակցեցաւ նաեւ Վանի հնագիտական պեղումներու արշաւախումբին։

1917ին ընտրուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի հոգաբարձուպրոֆեսոր եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1920, երբ խորհրդային կարգերու կաշկանդումներուն հետեւանքով վերջնականապէս անցաւ Եւրոպա, ուր Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ տասնամեակ մը դասախօսական պախտօններ ստանձնելէ եւ գիտական իր աշխատութիւնները շարունակելէ ետք, 1930ին հրաւիրուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանը՝ ստանձնելու համար նորաբաց հայագիտական ամպիոնի պատասխանատուութիւնը։

Եւրոպական եւ յատկապէս Պրիւքսէլեան տարիները եւս բեղմնաւոր եղան Ն. Ադոնցի կեանքին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշխատասիրութիւններով հարստացուց պատմագիտական, բանասիրական, լեզուագիտական եւ պատմաքաղաքական իր մեծարժէք վաստակը, այլեւ՝ հասցուց սերունդ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ վերանորոգելու իր մեծ ծարաւին ու պաշտամունքին բաժնեկից դարձնելով իր ուսանողները։

Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն Պելճիքան եւս ինկաւ նացիական գրաւման տակ։ Ադոնց դարձեալ դիմագրաւեց նորաբնոյթ ճնշումներ եւ կաշկանդումներ, մինչեւ որ 1941ին փակուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ իր ղեկավարած ամպիոնը։

Եւ 27 Յունուար 1942ին, աշխատելու եւ արարելու իր ծարաւը առանց յագեցուցած ըլլալու՝ մեր աշխարհէն հեռացաւ Հայ Մտքի 20րդ դարու Հսկան հռչակուած Նիկողայոս Ադոնցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.